2015-07-21 08:44:00

Սպանիա –Ավիլա` Եւրոպայի երիտասարդներու հանդիպումը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սպանիա –Ավիլա. ‘’Դժուար ժամանակներուն, Աստուծոյ սերտ բարեկամները’’ այս է նիւթը Եւրոպայի երիտասարդներու հանդիպումին որ նախատեսուած է Սպանիայի Ավիլա քաղաքին մէջ  յառաջիկայ 5-9 Օգոստոս 2015, կազմակերպութեամբ տեղական եպիսկոպոսական դասին, Սրբուհի Թերեզա տ`Ավիլայի ծննդեան 5-րդ դարադարձին առթիւ։

Հանդիպումին կը նախատեսուի մասնակցութիւնը աւելի քան 5 հազար երիտասարդներու եկած աշխարհի զանազան վայրերէն։

Հանդիպումին կէտնապատակն է մօտէն ճանչցնել սրբուհի Թերեզայի դէմքը, գործը ու անոր դերը Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։ Յայտագիրը կը նախատեսէ ծիսակատարութիւններ ու համերգներ։ 30 եպիսկոպոսներ բանախօսութիւններ պիտի կատարեն ու պիտի գլխաւորեն աղօթքները։ Իսկ 5-7 Օգոստոս նախատեսուած են քրիստոնեայ բնոյթ ունեցող  ժամանակակից երաժշտութեան համերգներ։ Երիտասարդներու այս սպանական հանդիպումը պիտի եզրափակուի  7 օգոստոսին` Սպանիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին  նախագահ Կարդինալ Րիքարտօ Պլազքէսի գլխաւորած Սուրբ պատարագի արարողութեամբ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.